«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Եուրոփա լիկ»-ի երկրորդ շաբթուան մրցումներուն Արարատ Արմենիա Պելոսթոքի քաղաքի մարզադաշտին վրայ մրցում ունէր լեհական Եակելոնիայի դէմ:
Արդէն մրցումի 11-րդ վայրեանին Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա բացաւ հաշիւը` շնորհիւ Կինէ Պիսոյի միջնապահ Զիտան Պանճաքիի: Սակայն հազիւ 2 վայրկեան անցած, Քամիլ Եոզվիաք նշանակեց Եանկելոնիայի հաւասարութեան կոլը: Զիտան 17-րդ վայրկեանին վիրաւորուեցաւ եւ զինք փոխարինեց Ժերայր Շաղոյեան: Կիսախաղէն քիչ մը առաջ լեհական ակումբը իր երկրորդ կոլը նշանակեց` շնորհիւ Ռոտրիկօ Քոնսեսաուի (Փորթուգալ): Արարատ հակառակ օտար դաշտի վրայ խաղալուն աւելի առիթներ ստեղծեց, սակայն կիսախաղի արդիւնքը մնաց 2-1: Բ. կիսախաղին մրցումի պատկերը գրեթէ նոյնն էր, եւ Ուսման Սոու նշանակեց լեհական ակումբի երրորդ կոլը, մինչ փորթուգալցի մարզիչ Թուլփայի փոփոխութիւնները չկրցան փոխել մրցումին արդիւնքը:
Արարատ Արմենիա յաջորդ հանգրուանին պիտի մրցի Նետերլանտներու Ա. Զ. Ալքմաարի դէմ, որ 2-1 արդիւնքով յաղթեց իսրայէլեան Պիր Շեվա խումբին:
Ա. Սէ. Միլան մեծապէս օգտուեցաւ յառաջապահ Ալֆաճօ Սիսէի հեթ-թրիքէն` յաղթելու Ռետ Պուլ Զալցպուրկի այս վերջինիս դաշտին վրայ (1-4): Կոնսալօ Ռամոշ նշանակեց Միլանի 4-րդ կոլը:
Եուվենթուս իր կարգին շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Վիկոյի մէջ (Սպանիա):
Սելթա Վիկօ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Ուկօ Ալվարեսի կոլին շնորհիւ, բայց Բ. կիսախաղին գերմանացի Նիք Վոլթեմատէ եւ Քոլօ Մուանի (92-րդ վայրկեանին նշանակեցին Եուվէի կոլերը:
Օլիմփիաքոս, Ֆրանսայի մէջ կրցաւ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնել Մարսէյը, որ տակաւին կէտ չէ ապահոված «Եուրոփա լիկ»-ին մէջ:


