Լիբանանի հեծելարշաւի հաւաքականը, որ կը մասնակցէր հեծելարշաւի արաբական ախոյեանութեան, իր 6-րդ եւ վերջին պրոնզէ մետալը ձեռք ձգեց վերջին մրցումին, որ լեռնային հեծելարշաւի մրցումն էր:
Արդարեւ, Սուրիոյ հիւրընկալած այս բաւական յաջող ախոյեանութեան, տղոց անհատական «մաունթըն պայք»-ի պրոնզ մետալակիր դարձաւ Ժորժ Ուաքիմ, որ արդէն իսկ 2026-ի Լիբանանի ախոյեանն էր:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի էլիթ մարզիկ Ուաքիմ բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ Լիբանանին ապահովեց իր 6-րդ եւ վերջին պրոնզ մետալը:
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Լիբանանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ժան Զուղէյպը: Ֆետերասիոնը անշուշտ շնորհաւորեց նաեւ մարզիկները, որոնք պատուաւոր արդիւնքներով պիտի վերադառնան Պէյրութ:
Նոյն ծիրին մէջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սաթոյեան գնահատական յուշանուէր մը ներկայացուց Սուրիոյ ֆետերասիոնի նախագահ Մահեր Սալիմին, առ ի գնահատանք արաբական երկիրներու հեծելարշաւի մրցաշարքի յաջող կազմակերպման:
Սաթոյեան խօսեցաւ նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ ֆետերասիոններու սերտ եւ պատմական կապերուն մասին` իր բարեմաղթութիւնները յղելով Սուրիոյ ֆետերասիոնին եւ մաղթելով յաջողութիւն ապագայի ծրագիրներուն:


