Հայկական ծագումով ամերիկացի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մարտիկ Քեթլին Չուքակեան (Սերմինարա) յաջողութեամբ վերադարձաւ խառն մենամարտերու ասպարէզ` երկուքուկէս տարի դադարէ ետք:
Քանատայի Էտմընթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի. Էտմընթըն» մրցաշարքին, 37 տարեկան մարտիկը առաջին ռաունտէն իսկ յաղթեց Մաքենզի Սթիլըրին:
Աղջկանց գերթեթեւ կշիռի կարգին մէջ (մինչեւ 56,7 քկ) տեղի ունեցած գօտեմարտը տեւեց 4 վայրկեան եւ 46 երկվայրկեան:
Քեթլինի համար այս մենամարտը առաջինն էր 2024-ի մարտէն ի վեր, երբ «Եու. Էֆ. Սի. 299» մրցաշարքին ան իրաւարարներու որոշումով պարտուած էր Մէյսի Պարպերէն:
Այս յաղթանակէն ետք Չուքակեանի արհեստավարժ ցուցանիշը կը կազմէ 19 յաղթանակ եւ 6 պարտութիւն:


