Ալպանիոյ Տուրէս քաղաքին մէջ կը շարունակուի Եւրոպայի ծանրաբարձութեան մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի մարզիկները շաբաթավերջին շարունակեցին մետալներ նուաճել, ըլլան անոնք փոքր թէ մեծ:
Տղոց 75 քկ կշիռի Եւրոպայի փոխախոյեան հռչակուեցաւ Տիգրան Կարապետեան, որ փոքր ոսկի մետալ ալ նուաճեց արաշէի մրցումներուն:
Ան ընդամէնը 3 քկ տարբերութեամբ կորսնցուց ոսկի մետալը (երկամարտի արդիւնքին)` ի նպաստ Լեհաստանի ներկայացուցիչ Քոնրատ Լազուկայի:
Պրոնզ մետալ շահեցաւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Կասեմ Իսմայիլով, 85 քկ կշիռի մրցումներուն, Մարտին Պօղոսեան իր կարգին Եւրոպայի փոխախոյեան հռչակուեցաւ: Մարտին արաշէի մրցումին 149 եւ 153 քկ կրցաւ յաջողութեամբ բարձրացնել, սակայն 156 քկ կշիռը չկրցաւ բարձր պահել: Այս մարզաձեւին ան գրաւեց 5-րդ դիրքը, բայց էփոլէ ժըթէի մրցումին ան 186 եւ 190 քկ բարձրացուց` շահելով փոքր արծաթէ մետալ եւ երկամարտի արդիւնքով գրաւեց Բ. դիրքը:
Աւելի կանուխ 95 քկ կշիռի մրցումին, Վալերիկ Մովսիսեան երկամարտի 347 քկ արդիւնքով գրաւած էր 4-րդ դիրքը, էփոլէ ժըթէի մրցումներուն փոքր արծաթ մետալ շահելէ ետք:
Մինչեւ 20 տարեկաններու տղոց 85 քկ կշիռի մրցումներուն, Նարեկ Մկրտչեան նուաճեց պրոնզ մետալ: Վանաձորցի մարզիկը նուաճեց երկու պրոնզ մետալ, մէկը արաշէի, իսկ միւսը` երկամարտի արդիւնքով: Ան էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 185 քկ բարձրացնելէ ետք, չկրցաւ յաջողիլ 189 քկ բարձրացնելու իր երկու փորձերուն եւ գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Աղջկանց մրցումներուն, 77 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայաստան երկու ներկայացուցիչ ունէր: Աննա Ամրոյեան արաշէի իր առաջին փորձին ձախողելէ ետք, յաջորդաբար բարձրացուց 98 եւ 102 քկ կշռող ծանրաձողերը` նուաճելով պրոնզէ մետալ:
Դժբախտաբար ան էփոլէ ժըթէի մրցումին վիրաւորուեցաւ եւ կիսատ լքեց ելոյթը:
Ալինա Սուքիասեան էփոլէ Ժըթէի մրցումներուն 120 քկ կրցաւ բարձրացնել, բայց չկրցաւ 125 քիլոկրամի սահմանը անցնիլ` գրաւելով 5-րդ դիրքը:
Ան երկամարտի 221 քկ արդիւնքով 4-րդ դիրքը գրաւեց:


