Հայ ըմբիշ Սարգիս Բեգոյեան (61 քկ) պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Միացեալ Նահանգներու Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան:
Պրոնզ մետալի մրցումը ուզպեք Պեհրուզպեք Թուրանմուրատովի դէմ շատ հետաքրքրական եղաւ ու կէտերով հարուստ: Բեգոյեան 14-9 արդիւնքով կրցաւ յաղթել եւ նուաճել պրոնզէ մետալը:
Մինչեւ այս ճակատումը հայ ըմբիշը կատարած էր 3 մենամարտներ եւ արձանագրած 2 յաղթանակ` յաղթելով Ղազախստանի ներկայացուցիչ Այթոանովին (8-4) եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Եաքովլեւին (8-3): Կիսաւարտականին Սարգիս Բեգոյեան բաւական հաւասարակշռուած գօտեմարտին պարտութիւն կրած էր Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչ Տոքթուրպեք Ուուլուէն: Այս մետալը Հայաստանի առաջինն էր ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն:
Արման Յարութիւնեան (57 քկ) պրոնզի մրցումին հասած է, մինչ Հայկ Պապիկեան (79 քկ) եւ Գուրգէն Սիմոնեան (97 քկ) կը փորձեն հասնիլ պրոնզ մետալի մրցումին:


