Քանի մը օր առաջ Նիկիտա Սիմոնեանի 100-ամեակն էր: Հայաստանցիներու քանի՛ սերունդներ հպարտացած էին «Արարատ 73»-ով, որուն գլխաւոր մարզիչն էր Սիմոնեան: Քանի՛ սերունդներ ազգային հպարտութիւն զգացած էին այդ խումբի պատմական նուաճումներով: Այս նիւթին մասին վերջերս գրած է «Այլընտրանքային նախագիծեր» խումբի անդամ Վահէ Յովհաննիսեան: Այս խմբակը հայաստանեան փորձագիտական եւ վերլուծական հասարակական կազմակերպութիւն մըն է, որ հիմնադրած է նոյնինքն Յովհաննիսեան:
«Այս օրերուն Ռուսիոյ բաժակի բոլոր մրցումները սկսած են Սիմոնեանին նուիրուած վայրկեաններով, ուր կը լսուէր «Սիմոնեան միշտ կը մնայ իբրեւ մեր պատմութեան մէկ մասը» նախադասութիւնը Ռուսիոյ բոլոր դաշտերուն վրայ: Իսկ մեր մօտ` Հայաստան, ինչպէս նշուեցաւ, աներեւակայելի լռութիւն կար յաղթանակ բերող ու ազգային հպարտութեան հեղինակ մարդու մը նկատմամբ: Ինչո՞ւ միշտ կ՛ուզենք ըլլալ առանց պատմութեան, յիշողութեան եւ անշնորհակալ: «Հրազդան» մարզադաշտը, այդ շքեղ կոթողը, ըստ էութեան չկայ, Սիմոնեանը չենք յիշեր: Որո՞ւ կը յիշենք ու կը յարգենք, եթէ մեր սեփական պատմութեան նկատմամբ այդքան անյարգալից ենք: Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ ամէն փոքր առիթ կ՛օգտագործենք պետական մակարդակով տօնախմբութիւններ կազմակերպելու համար, իսկ նման յոբելեանը կ՛անցնի աննկատ, հակառակ անոր որ ատիկա կարելի էր վերածել ֆութպոլի տօնի` մանկապատանեկան ֆութպոլի մրցաշարքերէն մինչեւ բարեկամական հանդիպումներ: Ինչո՞ւ ճիշդ ձեւերը չենք գտներ արժանի մարդիկը պատուելու` զանոնք յիշելով մեր կենդանի պատմութեան հետ շարունակաբար: Արդեօք կրնա՞նք պարզել, այսօրուան Հայաստանի խելացնոր միջավայրին մէջ Սիմոնեանը գաղութարար կը նկատենք, Լեւոն Արոնեանը` նախկին, Մխիթարեանը` չեմ գիտեր ինչ», գրած է Յովհաննիսեան:


