Շատ հետաքրքրական էին «Չեմփիընզ լիկ»-ի այս շաբթուան երկու օրերու մրցումները, որոնց ընթացքին 78 կոլեր նշանակուեցան 18 մրցումներու ընթացքին:
Պայերն Միւնիխ, Ինթեր Միլան եւ Տորթմունտ կարեւոր կէտեր կորսնցուցին, մինչ Մանչեսթըր քաղաքի երկու ակումբները պարտութիւններ կրեցին:
Միւս կողմէ, Պարսելոնա, Ռէալ Մատրիտ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Լիվըրփուլ եւ Ասթոն Վիլա իրենց վրայ կեդրոնացուցին բոլորին ուշադրութիւնը:
Վերջին երկու տարիներու ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն կրցաւ իր ուժը փաստել Մանչեսթըր Սիթիի դաշտին վրայ` նշանակելով 4 կոլ, մինչ «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմական խումբը` Ռէալ Մատրիտ, փաստեց, որ իր բոլոր հարցերը կրնայ մոռնալ եւ պէտք եղած պահուն կրնայ մրցումի մը յաղթել: Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ 3-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, Ռէալ կրցաւ վերջին վայրկեաններուն 3 կոլ նշանակել եւ 3-4 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ Սպանիա:
Անգլիոյ «կարմիրներ»-ը` Լիվըրփուլ, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէր Պրատլի Պարքոլայի փայլուն ելոյթին, վերջապէս հեթ-թրիք մը կրցաւ նշանակել 9 կոլերու փառատօնի պահուն, ուր Լիվըրփուլ 6 կոլ նշանակեց Աւստրիոյ Լինց քաղաքի Լասք ակումբին դէմ:
Ասթոն Վիլա «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր պատմութեան լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց իր դաշտին վրայ 6-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրելով Ֆեներպահչէի դէմ:
Տիգրան Բարսեղեան բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ, բայց իր ակումբը` Սլովան Պրաթիսլաւա, 3-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Գերմանիոյ Շթութկարթէն:
Անհատական ելոյթներու գծով Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ մուտք գործեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուներու հնգեակին մէջ:
Էմպափէ Ռոմայի դէմ նշանակեց կոլ մը, որ իր ասպարէզի 72-րդ կոլն էր «Չեմփիընզ լիկ»-ին մէջ: Ան 1 կոլով գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի պատմական յառաջապահ Ռաուլ Կոնսալեսի կոլերու հաշիւը:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ այժմ Նասրի հետ կը խաղայ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմական կոլ-սքորըրն է, որ նշանակած է 140 կոլ:
Լիոնել Մեսսի, որ այժմ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Ինթեր Մայեմիի մարզիկ է, 129 կոլ ունի «Չեմփիընզ լիկ»-ին մէջ, մինչ լեհ Ռոպերթ Լեվանտովսքի 107 կոլ նշանակած է:
4-րդ դիրքը կը գրաւէ Ռէալ Մատրիտ այլ յառաջապահ մը` Քարիմ Պենզեման, որ 90 կոլեր ունի:
Պէտք է ըսել, որ Էմպափէի վերջին մրցումը իւրայատուկ էր, մանաւանդ որ անոր 100-րդ ելոյթն էր, եւ այդ մրցումին շնորհիւ ան դարձաւ ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, որ 100 մրցումներու սահմանին կը հասնի 27 տարեկան եւ 298 օրական հասակին:
Ան գերազանցեց Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Մեսսին, որ 28 տարեկան եւ 84 օրական էր, երբ 100-րդ մրցումը կատարեց, մինչ Ռաուլ 28 տարեկան եւ 239 օրական էր:
Միւս կողմէ, Մանչեսթըր Սիթիի նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ իր կարգին Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ 2 կոլ նշանակելէ ետք, երկու պատմական մրցանիշներ սահմանեց` գերազանցելով Լիոնել Մեսսիի նուաճումները:
Հաալանտ դարձաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն արագ ֆութպոլիստը, որ հասած է 60 կոլերու շեմին: Նորվեկիացին այդ ցուցանիշին հասնելու համար 60 մրցումներու պէտք ունեցաւ: Մեսսի 60 կոլերու հասած էր 80 մրցումներէ ետք:
Ան եղաւ նաեւ ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, որ 60 կոլերու հասաւ 26 տարեկան 85 օրական հասակին: Ան գերազանցեց Մեսսին 1 օրով:
Այժմ կան 9 խումբեր, որոնք 6 կէտեր ձեռք ձգած են իրենց երկու մրցումներուն յաղթելով, եւ այս երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի տեղի կ՛ունենան 3-րդ շաբթուան մրցումները:
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պարսելոնա ճակատումը պէտք է ըլլայ ամէնէն հետաքրքրականը, ուր երկու խումբերն ալ յաջորդաբար 10 եւ 9 կոլեր նշանակած են առաջին երկու մրցումներուն:
Պայերն Միւնիխ – Արսենալ ճակատումն ալ կը խոստանայ հետաքրքրական ըլլալ, մինչ Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Գերմանիոյ Ռետ Պուլ Լայփցիկը:
Ստորեւ լաւագոյն 10-ին դասաւորումը եւ 3-րդ շաբթուան յայտագիրը.
ԿԷՏ |
|
1.- Փարիզ Սեն Ժերմեն |
6 (10-3) |
2.- Պարսելոնա |
6 (9-2) |
3.- Ասթոն Վիլա |
6 (9-2) |
4.- Շթութկարթ |
6 (6-1) |
5.- Լիվըրփուլ |
6 (8-4) |
6.- Սփորթինկ Լիզպոն |
6 (5-1) |
7.- Արսենալ |
6 (4-0) |
8.- Ռէալ Մատրիտ |
6 (6-4) |
9.- Ռէալ Պեթիս |
6 (6-4) |
10.- Պայերն Միւնիխ |
4 (8-3) |
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
ԺԱՄԸ 19:45-ԻՆ
Սապահ Պաքու – Տորթմունտ
Ֆեներպահչէ – Սլաւիա Փրակա
ԺԱՄԸ 22:00-ԻՆ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պարսելոնա
Մանչեսթըր Սիթի – Աէք Աթէնք
Շթութկարթ – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Լիվըրփուլ – Վիարէալ
Փորթօ – ՓՍՎ Այնտհովըն
Ա. Էս. Ռոմա – Սլովան Պրաթիսլաւա
Նափոլի – Պոտօ Կլիմթ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
ԺԱՄԸ 19:45-ԻՆ
Քոմօ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Լիլ – Կալաթասարայ
ԺԱՄԸ 22:00-ԻՆ
Պայերն Միւնիխ – Արսենալ
Ռէալ Մատրիտ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Ինթեր Միլան – Շախթիոր Տոնեթցք
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Լանս
Ասթոն Վիլա – Վայքինկ
Պեթիս – Ֆեյենուրտ Ռոթերտամ
Սփորթինկ Լիզպոն – Լասք


