Պարսելոնային մաս կազմող սպանացի ֆութպոլիստներ Սերճիօ Պուսքեթց եւ Եորտի Ալպա պատրաստ են ֆութպոլիստի իրենց արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու Սէուտական Արաբիոյ մէջ, այս մասին կը յայտնէ սպանական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ անոնք տարեշրջանի մը ընթացքին հոն աւելի շատ եկամուտ պիտի ունենան, քան ինչ որ կրնան ստանալ Պարսելոնայի հետ, երեք տարեշրջանի ընթացքին:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, այդ ակումբն է Հիլալը:
Վերոնշեալ արաբական ակումբը իր կազմին կ՛ուզէ միացնել նաեւ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին: