Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Յովհաննէս Բաչքով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 63,5 քկ դասակարգի մրցումներուն, 1-16-րդ հանգրուանին արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր թուրք մրցակիցը` Քանլը Պիլկէ Քականը:
Երեք ռաունտերուն ալ, իրաւարարները յաղթանակը տուին հայրենի մարզիկին:
Նշենք, որ 1-32-րդ հանգրուանին, Բաչքով յաղթած էր իր սերպ մրցակիցին` Ալեքսէյ Սենտրիքին:


