Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, վերջին դիրքին վրայ գտնուող Սամտորիա, որ հիւրը եղաւ Ուտինեզէին (9-րդ), անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Անոր կրած այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Սամտորիա չկարենայ պահել իր տոմսը Ա. դասակարգին մէջ եւ 2023-2024 տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Բ. դասակարգին:
Ախոյեանութեան աւարտէն չորս հանգրուան առաջ, Սամտորիա 17 կէտով միայն կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը եւ 13 կէտով ետ է 17-րդ դիրքին վրայ գտնուող Վերոնայէն:
Ինչ ալ ըլլան վերջին չորս հանգրուաններու մրցումներուն արդիւնքները, մարզիչ Տեժան Սթանքովիչի կազմը` Սամտորիա, 18-րդ դիրքէն աւելի վեր պիտի չկարենայ բարձրանալ: