Տինամօ–Պէյրութ` 1-0
Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական («ֆայնըլ ֆոր») հանգրուանի մրցումներուն, երբ կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Ռիատի Պէյրութ, արձանագրելէ ետք երկու յաղթանակ, այժմ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանայ Սաժես Պէյրութի վրայ:
Անոնց միջեւ առաջին մրցումին, Ռիատի Ղազիրի մէջ արձանագրեց 86-81 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդ մրցումին Մանարայի մէջ արձանագրեց 93-89 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Առաջին մրցումին Սաժեսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քլիֆ Ալեքսանտր (15 կէտ, 11 ռիպաունտ), իսկ Ռիատիէն` Տիույոփ Ռիթ (27 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Երկրորդ մրցումին Ռիատիէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ռիթ (26 կէտ, 12 ռիպաունտ), իսկ Սաժեսէն` Ալեքսանտր (31 կէտ, 14 ռիպաունտ):
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, Տինամօ, որ հիւրընկալեց գործող ախոյեան Պէյրութը, արձանագրեց 88-81 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ժատ Խալիլ (11 կէտ, 11 ռիպաունտ), իսկ Պէյրութէն` Մոհամետ Շապազ (32 կէտ, 14 ռիպաունտ):
Շաբաթ, 13 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:45-ին տեղի պիտի ունենայ Պէյրութ-Տինամօ երկրորդ մրցումը, իսկ կիրակի, 14 մայիսին, յետմիջօրէին ժամը 16:45-ին` Սաժես Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ երրորդ մրցումը: