Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա 6 յունիսին, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ ճափոնական Վիսել Քոպէի դէմ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ Վիսել Քոպէին մաս կը կազմէ Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Անտրես Ինիեսթա:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պարսելոնա 82 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 13 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով երկրին գործող ախոյեան, երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող` Ռէալ Մատրիտի վրայ: