Կիրակի, 7 մայիսին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ իր կատարած առաջին մրցումին, մրցեցաւ Սաժես Պէյրութի դէմ, արձանագրեց 92-50 արդիւնքով բաւական մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն ՀՄԸՄ կը մրցի Հուփսի դէմ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի կազմին մարզիչն է Փոլ Աւետիսեան:


