Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը կնքեց պրազիլցի յետսապահ Մարքինիոսի հետ:
28 տարեկան խմբապետին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2027:
Պաշտօնական յայտարարութիւնը յետաձգուած էր` ակումբին Լորիանէն կրած պարտութեան պատճառով (3-1, 33-րդ հանգրուան):
Մարքինիոս, որ Փարիզ Սեն Ժերմենին միացաւ 2013-ին, ընթացիկ տարեշրջանին ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 41 մրցումի եւ նշանակած 2 կոլ: