Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փոկոն, որ հիւրընկալեց Լեկիա Վարշաւան, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Փոկոնի յաղթանակի կոլը 88-րդ վայրկեանին նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վարդան Բիչախչեան:
Ան այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 68-րդ վայրկեանին:
Այս հանգրուանէն ետք, Փոկոն 54 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը, Լեկիա կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ (60 կէտ), մինչ առաջին դիրքին վրայ է Ռաքով (71 կէտ):