Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի կինը դէմ է Սէուտական Արաբիա հաստատուելուն:
Ինչպէս ծանօթ է, Հիլալ Մեսսիին առաջարկած է 400 հազար եւրոյի պայմանագրութիւն մը, սակայն Անթոնելլա Ռոքուցօ երբեք չի փափաքիր իր երեք որդիներուն հետ ապրիլ օտար մշակոյթ ունեցող երկրի մը մէջ, այս մասին կը յայտնէ ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ»-ը:
Մեսսիի պայմանագրութիւնը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ ամիս:
Ան թէեւ կը փափաքի վերադառնալ Պարսելոնա, սակայն տնտեսական հարցեր դիմագրաւող քաթալոնական ակումբէն ցարդ պաշտօնական առաջարկ չէ ստացած:
Ընթացիկ տարեշրջանին, Մեսսի մայրաքաղաքի կազմին հետ ցարդ կատարած է 37 մրցում, նշանակած 20 կոլ եւ կատարած 19 էսիսթ: