Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Թրուային, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քիլիան Էմպափէ (8-րդ), փորթուգալցի Վիթինիա (59-րդ) եւ սպանացի Ֆապիան Ռուիս (86-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը այժմ 78 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` վեց կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Լանսի վրայ, որ շաբթուան գագաթի ճակատումին, 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մարսէյին, անկէ խլեց երկրորդ դիրքը:
Վերջինս նահանջեց երրորդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 70 կէտ:
Կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք վերջ գտաւ Լիոն-Մոնփելիէ ճակատումը` 5-4 արդիւնքով:
Լիոնի 5-րդ եւ յաղթանակի կոլը 90+10-րդ վայրկեանին նշանակեց Ալեքսանտր Լաքազեթ:
Անոր նման չորս կոլ նշանակեց նաեւ Մոնփելիէն` Սեփէ Էլիէ Ուահի: