Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին («Քոփա Տել Ռէյ») աւարտական հանգրուանի մրցումը վերջ գտաւ Ռէալ Մատրիտի յաղթանակով, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օսասունան:
Արքայական ակումբին յաղթանակը կերտեց պրազիլցի յառաջապահ Ռոտրիկօ, որ տուպլէ մը իրագործեց (2-րդ եւ 70-րդ):
Վերջին անգամ 2014-ին տիտղոսակիր դարձած Ռէալ Մատրիտ այսպիսով 20-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս տիտղոսը:
Ռէալին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ այսպիսով իր ակումբին հետ տիրացաւ իր 25-րդ տիտղոսին, հաւասարեցաւ պրազիլցի յետսապահ Մարսելոյի հաստատած մրցանիշին, որ իր կարգին տիրացած էր նոյնքան տիտղոսներու` 2007-2022 տարիներուն: