Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Աննա Բադալեան, ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Վերի Նիս» մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերելով տիրացաւ երեք մետալի:
Բադալեան ոսկի մետալներու տիրացաւ բազմամարտի եւ գնդակով կատարուած մրցումներուն, մինչ ժապաւէնով մրցումին տիրացաւ արծաթ մետալի: