Սպանական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Չաւի կրնայ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել իր ակումբին հետ:
Ըստ նախատեսութիւններուն, Չաւի եւ ակումբի նախագահ Խուան Լափորթա այս շաբաթ հանդիպում մը պիտի ունենան` քննարկելու համար նոր պայմանագիրին մանրամասնութիւնները:
43 տարեկան մասնագէտին գործող պայմանագրութիւնը թէեւ ուժի մէջ է մինչեւ 2024-ի ամառ, սակայն Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ այդ պայմանագրութիւնը երկու տարիով երկարաձգել:
Չաւի այս տարեշրջանին իր կազմին հետ հանդիսացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ բաժակակիր: