Անգլիական Լիվըրփուլի գերմանացի մարզիչ Եուրկըն Քլոփ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ երկու մրցումով կախակայուեցաւ եւ 75 հազար սթերլինկ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Քլոփ Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի 34-րդ հանգրուանի մրցումին քննադատած էր կեդրոնի իրաւարար Փոլ Թիերնէն:
Նշենք, որ վերոնշեալ մրցումը աւարտած էր Լիվըրփուլի յաղթանակով` 4-3 արդիւնքով:
36-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Լիվըրփուլ 65 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը` 20 կէտով ետ մնալով պարագուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթիէն:


