«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, Պոսթըն Սելթիքս, որ արեւելեան շրջանի աւարտականի երկրորդ մրցումին դարձեալ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, անկէ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` 111-105 արդիւնքով (առաջին մրցում` 123-116):
Այս երկրորդ մրցումին յաղթական կազմէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 27 կէտ, մինչ Սելթիքսէն Ճէյսըն Թաթում` 34 կէտ:
Նշենք, որ յաջորդ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան Մայեմիի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի արեւմտեան շրջանի աւարտականին, Տենվըր Նակեթց 119-108 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3-0 արդիւնքով յառաջացաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի վրայ: