Չելսիին մաս կազմող կապոնցի միջազգային յառաջապահ Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկ, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը վերադառնայ ազգային խումբ:
Ան յայտնեց, որ իր այս որոշումը տուաւ Կապոնի նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք:
Նշենք, որ Օպամեյանկ Կապոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ընկերակցութեամբ այցելած էր երկրի նախագահին:
Վերջինս խնդրած էր ֆութպոլիստէն, որ վերադառնայ միջազգային ասպարէզ:


