Եուվենթուսի յետսապահ Լէոնարտօ Պոնուչի իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ տարի պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
36 տարեկան փորձառու ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Եուվենթուսի հետ նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարուան կէսը:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին Պոնուչի իր կազմին հետ կատարած 14 մրցումին ընթացքին դարձած է կոլի մը հեղինակ:


