Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող միջնապահ Մարքօ Վերաթթի, կը փափաքի միանալ Ռէալ Մատրիտին, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 30 տարեկան իտալացի ֆութպոլիստը ամէն գնով կ՛ուզէ նոր երկրի մը ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցիլ:
Մարքօ Վերաթթի, որ փարիզեան ակումբին միացաւ 2012-ին, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2026:
Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 35 մրցում եւ կատարած էսիսթ մը:


