Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Արսենալ, որ հիւրը եղաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթին, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Անոր կրած այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի հռչակուի ախոյեան եւ ախոյեանութեան տիտղոսը յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով պահէ իր մօտ:
Այսպիսով, մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմը 9-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան:
Փորձառու մասնագէտը այսպիսով տիրացաւ իր 33-րդ տիտղոսին` իբրեւ մարզիչ (Սիթիի հետ` 12 տիտղոս):
Այստեղ նշենք նաեւ, որ Նոթինկհամ Ֆորեսթ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ մնաց բարձրագոյն դասակարգին մէջ: