Իտալական մարզական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Ինթեր Միլան պիտի երկարաձգէ իր մարզիչին` Սիմոնէ Ինցակիի պայմանագրութիւնը:
Նշուեցաւ, որ միլանեան ակումբը մասնագէտին պիտի առաջարկէ մինչեւ 2025-ի ամառ պայմանագրութիւն մը ստորագրել:
Ինցակիի գլխաւորած կազմը այս տարեշրջանին ապահոված է Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 35-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ինթեր կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը: