Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Քուպանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ալեքսանտր Գրիգորեան նշանակուեցաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ:
56 տարեկան ռուսահայ մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանի աւարտը:
Գրիգորեանի վերջին ակումբն էր Մոսկուայի բանակայիններու հաւաքականը, ուրկէ ան հեռացաւ հոկտեմբեր 2022-ին:
Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Քուպան 33 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը:


