 Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Նետերլանտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող ՓՍՎ Այնտհովընի փղոսկրեայ ափունքցի միջնապահ Իպրահիմ Սանկարէով, այս մասին յայտնեց նետերլանտեան մարզական մամուլը:

Նշուեցաւ, որ այս ամրան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ 25 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցումը ֆրանսական ակումբ եւ այդ մէկը փոխան 37 միլիոն եւրոյի:
Ան նետերլանտեան ակումբին հետ ստորագրած է պայմանագրութիւն մը, մինչեւ 2027 տարուան կէսը:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ 27 մրցումի ընթացքին նշանակած է չորս կոլ եւ կատարած էսիսթ մը: