Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող սպանացի անուանի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս որոշեց յառաջիկայ ամիս հեռանալ իր ակումբէն:
Նշուեցաւ, որ Ռամոս չի փափաքիր իր գործող պայմանագրութիւնը երկարաձգել փարիզեան կազմին հետ:
37 տարեկան Ռամոս, որ 2021-ին Ռէալ Մատրիտէն միացաւ փարիզեան կազմին, յառաջիկայ ամիս կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին, որովհետեւ կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան պիտի վերադառնայ Սեւիլլա, որուն մաս կազմած է 2002-2005 ժամանակամիջոցին: