Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական մրցումներուն յայտագիրը:
Տինամօ-Ռիատի Պէյրութ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 22 մայիսին, առաջինին` «Ռոքլենտ-Արենա» մարզադաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին:
Նշենք, որ եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:


