21 յունիսին Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ սկսելիք եւրոպական երրորդ խաղերուն տեղի պիտի ունենայ նաեւ պլից ճատրակի մրցաշարք:
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այդ խաղերուն, Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Շանթ Սարգսեան-Էլինա Դանիէլեան զոյգը:
Ճատրակի այս խաղերուն պիտի մասնակցին ութ յառաջատար երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնք նախորդ 1 մարտի դրութեամբ ունեցած են ՖԻՏԷ-ի լաւագոյն միջին վարկանիշը:
Այսպիսով, Հայաստանի, Լեհաստանի, Գերմանիոյ եւ Նետերլանտներու ներկայացուցիչները, պիտի մասնակցին արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Իւրաքանչիւր խումբ իր կազմին մէջ պիտի ունենայ մէկական տղայ եւ աղջիկ:
Անոնք միջազգային դասաւորման մէջ պէտք է ունենան համապատասխանաբար նուազագոյնը 2650 եւ 2350 վարկանշային կէտ:
Արագ ճատրակի մրցումները պիտի սկսին 19 յունիսին, Քրաքովի թատրոնի սրահին մէջ:
Նշենք, որ աթլեթիզմի խմբային եւ անհատական մրցումներուն Հայաստան պիտի ունենայ 20 մասնակից (12 տղաք եւ 8 աղջիկներ):