Անգլիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան («Չեմփիընշիփ») փլէյ օֆի աւարտականին, Լիւթըն Թաուն փենալթիներով` 6-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Քովենթրիի դէմ, առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի իր տոմսը:
Նշենք, որ Լիւթըն Թաուն Ա. դասակարգէն դուրս մնացած էր 1992-ին, նախքան «Փրեմիեր Լիկ»-ին հիմնադրուիլը:
Այսպիսով, յառաջիկայ տարեշրջանին Պըրնլի (ախոյեան), Շեֆիլտ Եունայթըտ եւ Լիւթըն Թաուն կը բարձրանան Ա. դասակարգ, մինչ Բ. դասակարգ կը փոխադրուին` Լայսթըր Սիթի, Լիծ Եունայթըտ եւ Սաութհեմփթըն:


