Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Եուվենթուս 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք իր հիւրէն` Ա. Սէ. Միլանէն, 12 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի բացակայի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն:
Անիկա վերոնշեալ մրցաշարքէն վերջին անգամ բացակայած էր 2010-2011 տարեշրջանին, երբ գրաւած էր դասաւորման 7-րդ դիրքը:
Այժմ Եուվէ կը գրաւէ նոյն դիրքը, թէեւ մրցում մը ունի կատարելիք:


