Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ Քէօլնի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հռչակուեցաւ ախոյեան` 33-րդ անգամ ըլլալով:
Նշենք, որ ախոյեան հանդիսանալով Պայէրն Միւնիխ հինգ յառաջատար ախոյեանութիւններուն գծով, բարելաւեց իր մրցանիշը` յաջորդաբար 11-րդ տարին ըլլալով տիտղոսը պահելով իր մօտ:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Եուվենթուս (յաջորդաբար 9 անգամ):
Նախքան այս հանգրուանը, Պորուսիա Տորթմունտ, որ կը գրաւէր առաջին դիրքը, իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Մայնց-05-ի հետ, հանդիսացաւ փոխախոյեան` իր կարգին ունենալով 71 կէտ:
Վերջին անգամ Տորթմունտ 2012-ին էր, որ հանդիսացած էր ախոյեան` Եիւրկըն Քլոփի հետ:


