ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2022-23 տարեշրջանի պասքեթպոլի եւ անհատական խաղերու մրցումները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին այս տարի:
Պասքեթպոլի մրցաշարքի աւարտական խաղերը տեղի ունեցան կիրակի, 14 մայիս 2023-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին մէջ` ներկայութեան վարժարաններու տնօրէններու, մեծ թիւով ծնողներու, մարզական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու, որոնց աշխուժ քաջալերանքը շատ մեծ եռանդ եւ բացառիկ մթնոլորտ մը ստեղծեց բոլոր խաղերու տեւողութեան:
Ստորեւ` 2022-23 տարեշրջանի ԼԵՎԱՄ-ի անհատական խաղերու եւ պասքեթպոլի վարժարաններու դասաւորումները`
Ճատրակ
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարան
2.- Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
4.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
Փինկ Փոնկ
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան
3.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
Դաշտային Խաղեր
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Ազգային Յառաջ- Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան
3.- Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
Պասքեթպոլ
14 եւ վար – աղջիկ
1.- Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
2.- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան
3.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
14 եւ վար-տղաք
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
3.- Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարան
15 եւ վեր – աղջիկ
1.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
2.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
3.- Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
15 եւ վեր- տղաք
1.- Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարան
2.- Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
3.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
Պէտք է նշել, թէ մրցումներու ընդմիջումներուն տեղի ունեցաւ անակնկալ մրցանք մը` «Mid-Court shot», որուն մասնակցեցան բազմաթիւ աշակերտներ, եւ Թէա Մարիա Բարսեղեան (Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն) յաջողեցաւ նշանակել դաշտի կէսէն ու շահեցաւ յատուկ մետալ մը:
Մրցումներու աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի ատենապետ Դալար Պէպէճեան յայտարարեց 2022-23 տարեշրջանի աւարտը, շնորհաւորեց բոլոր վարժարաններու եւ աշակերտներու մասնակցութիւնը եւ անոնց արձանագրած յաղթանակները: Ան անդրադարձաւ ամիսներ շարունակ մարզական պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու հետեւողական աշխատանքին` մաղթելով, որ ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերը առիթ կ՛ընծայեն բոլոր մասնակցողներուն զարգացնելու իրենց մարզական ոգին եւ մարմնակրթական ձիրքերն ու գիտելիքները: Ի վերջոյ ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր վարժարաններուն, անհատներուն եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որոնք նեցուկ կանգնեցան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին` յաջողցնելու այս տարուան յայտագիրը:
Օրուան ընթացքին ներկայ էին եւ խաղերուն մօտէն կը հետեւէին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Աւագեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Հայկ Թապաքեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Րաֆֆի Խիւտավերտեան եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Աթլեթի Ֆետերասիոնի գանձապահ Մարիա Գէորգեան:
Մրցումներու աւարտին անոնք կատարեցին անհատական խաղերու` ճատրակ, փինկ-փոնկ եւ դաշտային խաղեր, խմբային դասաւորման, ինչպէս նաեւ պասքեթպոլի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացող դպրոցներու մետալներու եւ բաժակներու մրցանակաբաշխութիւնը:






