«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ լեհ Սզիմոն Մարսինիաք:
Ինչպէս ծանօթ է, 10 յունիսին Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը:
Աւարտական այս մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ իտալական Ինթեր Միլանն ու անգլիական Մանչեսթըր Սիթին:
Թէեւ 42 տարեկան Մարսինիաք առաջին անգամ ըլլալով վերոնշեալ մրցաշարքի աւարտական մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ, սակայն ան 2022-ի Մոնտիալին Արժանթին-Ֆրանսա աւարտական մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր: