Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին` «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան շլեմի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, կրեց անակնկալ պարտութիւն մը:
Մետվետեւ որ մրցեցաւ 172-րդ դասուած պրազիլցի Թիակօ Սէյպոթ Ուիլտի դէմ, անկէ կրեց 7-6, 6-7, 2-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 4 ժամ եւ 15 վայրկեան:
Նշենք, որ մրցաշարքի մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 49,6 միլիոն եւրօ: