Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Հայտընհայմ, 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Եան Ռեկենսպուրկին, ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը` հանդիսանալով Բ. դասակարգի ախոյեան:
Անոր նման 67 կէտ ապահովեց երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Տարմշթատ, որ իր կարգին ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը:
Այսպիսով, 1846-ին հիմնուած Հայտընհայմ ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Պունտըսլիկա»-ին: