Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի 31 տարեկան յառաջապահ Նէյմար իր լիարժէք փորձերուն կը վերսկսի յուլիսին, այս մասին յայտնեց ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը:
Ինչպէս ծանօթ է, Նէյմար նախորդ մարտին ոտնամատի վիրաբուժութեան ենթարկուած էր. անոր ապաքինման փուլը կ՛ընթանայ նախատեսուածին նման, առանց բարդութիւններու:
Ամբողջական ապաքինումէն ետք, Նէյմար կրնայ յառաջիկայ տարիներուն սովորականին նման շարունակել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: