23-24 մայիսին Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մէջ, Հայաստանի ժիւտոյի պատանեկան հաւաքականը` մարզիչներ Յովհաննէս Դաւթեանի եւ Դաւիթ Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ, կատարեց ուսումնամարզական հաւաք մը:
Հաւաքէն բացի, հայրենի կազմը, որ մասնակցեցաւ միջազգային մրցաշարքի մը, տիրացաւ 2 ոսկի մետալի:
Իրենց կատարած հինգական մենամարտերուն ընթացքին, Հայկ Դարբինեան (50 քկ) եւ Լեովա Սրապեան (55 քկ), արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ, տիրացան ոսկի մետալներու:


