«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան շրջանի եօթներորդ եւ վճռորոշ մրցումին, Պոսթըն Սելթիքս, որ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, անկէ կրեց 103-80 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Յաղթական կազմէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 28 կէտ, մինչ Սելթիքսէն Ճէյլըն Պրաուն` 19 կէտ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հիթ 4-3 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը եւ այսպիսով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի արեւմտեան շրջանի ախոյեան Տենվըր Նակեթցի դէմ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզը` անոր դէմ արձանագրելով 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Տենվըր Նակեթց-Մայեմի Հիթ առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթէն շաբաթ լուսցող օրը, ժամը 3:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):