Երկուշաբթի, 29 մայիսին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի հինգերորդ մրցումը, Ռիատի Պէյրութի եւ Տինամոյի միջեւ:
Նախորդ չորս մրցումներուն Ռիատի արձանագրած էր երեք յաղթանակ, մինչ Տինամօ` մէկ:
Հետեւաբար, եթէ Ռիատի արձանագրէր իր չորրորդ յաղթանակը, պիտի հանդիսանար Լիբանանի ախոյեան:
Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ մարզիչ Ահմետ Ֆարրանի գլխաւորած կազմը, արձանագրելով 77-71 արդիւնքով յաղթանակ մը` Ժատ Հաժի գլխաւորած կազմին դէմ, հռչակուեցաւ Լիբանանի ախոյեան:
Այս հինգերորդ մրցումը ընթացաւ բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, մինչեւ անոր աւարտը:
Բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, Տինամոյէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Զեք Լոֆթըն (37 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Ասկէ բացի, ան Լիբանանի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին յաջողեցաւ նշանակել 100 թրի-փոյնթ (այս վերջին մրցումին` երեք հատ):
Մրցումի աւարտին յաղթական կազմը ստացաւ իր տիտղոսը:


