Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի Էլինա Աւանեսեան, որ աղջկանց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 81-րդ դիրքը, Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ.-500» թենիսի միջազգային մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց:
20 տարեկան Աւանեսեան իր յաղթանակը արձանագրեց աշխարհի դասաւորման 11-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Տարիա Քասաթքինայի դէմ, 6-2, 3-6 եւ 7-6 արդիւնքով:
Յաջորդ հանգրուանին անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ 44-րդ դասուած ռուս Աննա Պլինքովա:


