Վերջին տասը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցան «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի բազմաթիւ մրցումներ` տասը խմբակներու մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, կարգ մը խումբերու մրցակիցները կը նկատուին համեմատաբար աւելի տկար, անոնց դէմ անոնցմէ զօրաւորները արձանագրեցին բաւական հանգիստ յաղթանակներ:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, չորս կազմեր միայն` Սկովտիա (Ա. խմբակ), Անգլիա (Բ. խմբակ), Ֆրանսա (Գ. խմբակ) եւ Փորթուգալ (Ժ. խմբակ), ապահոված են առաւելագոյն 12 կէտը:
Նշենք, որ մրցումները կը վերսկսին 7 սեպտեմբերին:


