Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի խումբը հանդիսացաւ կայծակնային ճատրակի Եւրոպայի զոյգ ախոյեանութեան տիտղոսակիր:
Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացուցին Շանթ Սարգսեան եւ Էլինա Դանիէլեան:
Անհատական մրցումներուն, Դանիէլեան գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ Սարգսեան` երկրորդ դիրքը:
Խմբային դասաւորման մէջ, Նետերլանտներ հանդիսացան երկրորդ, իսկ Ազրպէյճան` երրորդ:


