Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի հաշմանդամներու ֆետերասիոնին պատուիրակութիւնը 9-16 յունիսին Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ 15 մարզիկով իր մասնակցութիւնը բերաւ Եւրոպայի բազկամարտի 24-րդ ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Հայաստանի ներկայացուցիչները, որոնք մրցեցան աջ եւ ձախ ձեռքերով, տիրացան 7 ոսկի, 5 արծաթ եւ 9 պրոնզ մետալներու:
Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացան Սարգիս Ստեփանեան, Սարգիս Յարութիւնեան, Նայիրա Մեսրոպեան, Սարգիս Խաչատրեան եւ Գուրգէն Անտոնեան:
Սարգիս Յարութիւնեան եւ Նայիրա Մեսրոպեան, ոսկիէ մետալի տիրացան թէ՛ աջ եւ թէ՛ ձախ ձեռքի մրցումներուն:
Արծաթէ մետալի տիրացան Սերոբ Յովհաննիսեան, Գուրգէն Անտոնեան, Սերոբ Աբրահամեան, Արմէն Ենոքեան եւ Հայկ Ստեփանեան:
Իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձան Յովհաննէս Աւանեսեան, Վալտեր Յարութիւնեան (աջ եւ ձախ ձեռքով), Ենոք Անտոնեան, Սարգիս Գաբրիէլեան, Շահէն Բաբայեան, Սերոբ Յովհաննիսեան, Ատոմ Ենոքեան եւ Սարգիս Խաչատրեան:
Նշենք, որ Հայաստանի հաշմանդամներու ֆետերասիոնին ներկայացուցիչները այժմ կը նախապատրաստուին աշխարհի բազկամարտի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոսին` Ղազախստանի մէջ: