Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի կազմը Ռապիթա Սաքաֆիյա Պթըղրին խումբին դէմ արձանագրեց 69-45 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սեն Ժոզեֆ վարժարանի (Քըրնեթ Շահուան) դաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 19-4, 18-10, 20-13 եւ 12-18:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Միհրան Պէրպէրեան (30 կէտ), ապա յաջորդաբար` Քեւին Մասաատ (23), Վարդիվառ Ասատուրեան (18), Սէրուժ Աւետիսեան (15), Կարօ Քէօշկերեան (14) եւ Ճիովանի Տօներեան (12):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիչն է Փոլ Աւետիսեան, իսկ օգնական մարզիչը` Տանիէլ Պաղտատեան:


