Հիւսիսային իրլանտացի ֆութպոլի մասնագէտ Պրենտըն Ռոճըրզ երկրորդ անգամ ըլլալով նշանակուեցաւ սկովտիական Սելթիքի գլխաւոր մարզիչ:
Կողմերը իրարու հետ ստորագրեցին երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` մինչեւ 30 յունիս 2026, այս մասին յայտնեց Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
50 տարեկան Ռոճըրզ, որ 2016-2019 ժամանակամիջոցին գլխաւորած էր Սելթիքը, անոր հետ երեք անգամ հանդիսացած էր երկրի ախոյեան:
Ան 2019-ին նշանակուեցաւ անգլիական Լայսթըրի մարզիչ, ուրկէ հեռացաւ նախորդ ապրիլին: