Պրազիլական Կրեմիոյին մաս կազմող ուրուկուէյցի անուանի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ մտադիր է աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, այս մասին յայտնեց պրազիլեան մարզական մամուլը:
36 տարեկան Սուարեզ իր ակումբին ղեկավարութեան յայտնեց, որ այս որոշումին յանգեցաւ` նկատի ունենալով, որ այլեւս չի դիմանար իր աջ ծունկի ցաւերուն:
Նախքան այս լուրին հրապարակումը յայտարարուած էր, որ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի լաւագոյն ռմբաձիգը շատ հաւանաբար միանայ ամերիկեան Ինթեր Մայեմիի:
Նշենք, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է Նասիոնալի (Ուրուկուէյ), Կրոնինկընի, Այաքս Ամսթերտամի (Նետերլանտներ), Լիվըրփուլի (Անգլիա), Պարսելոնայի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի (Սպանիա):
Այս տարուան յունուարին Կրեմիոյին միացած Սուարեզ 25 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ եւ կատարեց 8 էսիսթ: